2014-09-01 09:35:41

Նիճերիա` գերապայծառ Քայկամա կը դատապարտէ Պոքօ Հարամի արարքները որպէս չարի արտայայտութիւն։


Նիճերիոյ Եոս թեմի առաջնորդ` Գերապայծառ Քայկամա առանց վերպահութեան ու հրապարակաւ կը դատապարտէ Պոքօ Հարամի գործադրած բռնութիւնները, այդ արարքները որակելով որպէս սատանայի ներգործութիւն։
Խօսքը ուղղելով Պոքօ Հարամի ան ըսած է` ''երբ կը սպաննէք եւ կը կործանէք տուները կիներու, մանուկներու եւ աղքատներու պարզապէս չարը կը գործէք''։ Գերապայծառը ցաւ կը յայտնէ որ երկրի ղեկավարները անզգամ են յաչս աղքատներուն ու տկարներուն։ Եկեղեցին ամէն ջանք կը թափէ օգնելու թէ քրիստոնեաները եւ թէ մահմետականները եւ կոչ կ`ուղղէ աշխատելու ``կեանքի երկխօսութեան`` ի խնդիր, այսինքն բարեկամութիւն եւ կապ հաստատել քրիստոնեաներու ու մահմետականներու միջեւ, լաւագոյն համակեցութեան մը համար։
Յայտնենք որ Եոս քաղաքը անցեալ ամիսնրուն թիրած դարձաւ Պոքօ Հարամի արարքներուն որոնք պատճառեցին 100 մեռեալ։ Հակառակ ասօր` Թեմի առաջնորդը կը մերժէ ունենալ զինեալ պահակներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.